Նիլ Սայմըն
Մարվին Նիլ Սայմըն (4 Յուլիս 1927Internet_Broadway_Database
Մարվին Նիլ Սայմըն (4 Յուլիս 1927(1927-07-04)Internet_Broadway_Database
Իր առաջին թատերական կտորը եղած է Come Blow Your Horn-ը (1961), զոր ամբողջացուցած է 3 տարուան ընթացքին, ինչպէս նաեւ 678 շարունակական Պրոտուէյի ներկայացումներ՝ արձանագրելով հսկայական յաջողութիւն։ Այդ յաջողութիւնը շարունակուած է 2 նոյնքան յաջող կտորներով՝ Barefoot in the Park (1963) եւ The Odd Couple (1965), որուն շնորհիւ արժանացած է Թոնի մրցանակի մը։ Այս յաջողութիւնը զինք դարձուցած է սիրուած եւ նշանաւոր թատերագիր մը Ամերիկացիներու սիրտին մէջ։
Ան իր յաջողութիւնը կը պարտի իր լուրջ եւ խորք ունեցող նիւթերուն, որոնք թեթեւ կատակերգական կամ սիրային դարձուածքով մը ներկայացուած կ'ըլլան յաճախ։
1991-ին Lost in Yonkers կտորին համար Սայմըն Pulitzer Prize for Drama-ի արժանանալէ ետք, քննադատներ կը սկսին հասկնալ որքան բարդ ընկերային եւ բարոյական հարցերու մասին կը գրէ Սայմըն. նիւթեր, որոնք ամէնէն շատ կը հետաքրքրեն աշխարհականները։ Ան ընդհանրապէս կ'արծարծէ հետեւեալ նիւթերը՝ ամուսնացած զոյգերու միջեւ հարցեր, անբարոյութիւն, անհաւատութիւն, պատանեկան կեանք եւ ծերանալու վախը։ Անոր կտորներուն բոլոր դերասանները ընդհանրապէս Նիւ Եորք ծնած ու մեծցած անձինք էին։
|